Jump to content

Մատթէոս Ուռհայեցի

12:50, 15 Յուլիս 2024ի տարբերակ, Maral Dikbikian (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Մատթէոս Ուռհայեցի
Ծնած է ոչ վաղ քան 1050
Ծննդավայր Եդեսիա, Բիւզանդական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 1144[1]
Մահուան վայր Եդեսիա, Զանգիներու ամիրայութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն Բիւզանդական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ժամանակագիր

Մատթեոս Ուռհայեցի (ոչ վաղ քան 1050, Եդեսիա, Բիւզանդական Կայսրութիւն[1] - 1144[1], Եդեսիա, Զանգիներու ամիրայութիւն[1]), հայ ժամանակագիր։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած, ապրած եւ գործած է Եդեսիոյ մէջ, Ուռհա, ուրկէ առած է Ուռհայեցի կոչումը։

Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ։ Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կիսուն՝ 1050–ական թուականներուն ու վախճանած՝ 1136-1144 թուականներուն միջեւ, որովհետեւ իր գործը կը հասցնէ մինչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակեր Ուռհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցած է 1144-ին։ Կարծիք կայ, որ ան զոհուած ըլլայ Նուր էտ-Տինի հայր Իմատ-էտ-Տին Զանգիի կողմէ՝ 1144 թուականին, Ուռհայի գրաւման ժամանակ։ Իր գործէն դատելով, եղած է համեստ ուսման տէր հոգեւորական մը։ Իր գործունէութեան կեդրոնը եղած է Ուռհան, որուն վանքերէն մէկուն՝ Կարմիր վանքին մէջ եղած է երէց վանական։

Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը։ Ուռհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի 952-1136 թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը։ Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով, միայն թէ, բարեբախտաբար, հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք, որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը։ Իր գործին նուիրած է 8 տարիներ։ Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն, այսինքն՝ շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած է։

Իր գործը բաժնուած է երեք մասերու.-

Ա.- 952-1051 թուականներու դէպքեր

Բ.- 1051-1101 թուականներու դէպքեր

Գ.- 1101-1136 թուականներու դէպքեր

Գործը ունի չորրորդ մաս մըն ալ 1137-1162 թուականներու դէպքերու մասին, որ շարունակած է գրել Գրիգոր Երէցը։ Իր պատմագրութեան նիւթին շրջագիծը կ'իյնայ Միջագետքի, Փոքր կամ արեւմտեան Հայքի եւ Կիլիկիոյ վրայ։ Ուռհայեցի իր գործը գրած է դէպքերը դիտելով Ուռհայէն, ուր ան կ'ապրէր եւ որ գրեթէ կեդրոնն էր վերոյիշեալ շրջաններուն։ Բարեբախտաբար հեղինակը վերոյիշեալ ժամանակներուն եւ շրջաններուն միմիայն հայկական դէպքերը չէ որ մատուցած է, այլ նաեւ շրջակայ ազգերու՝ յոյներու, խաչակիրներու, արաբներու, սելճուքներու իրադարձութիւնները։

Մատթէոս Ուռհայեցին թէեւ ապրած է ու ստեղծագործած՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնածանր ժամանակաշրջանին՝ հայոց պետականութեան ոչնչացման, հարազատ ժողովուրդի օտար տիրակալներու ծանր լուծին տակ իյնալու ժամանակաշրջանին, այնուամենայնիւ, չէ յուսահատած: Ան զարմանալի կերպով լեցուած է լաւատեսութեամբ, համոզուած է, որ դեռ կու գան լաւ օրեր, «լաւ ժամանակներ» ու այդ գիտակցութեամբ է որ ան կը գրէ ու սերունդներուն յիշատակ կը ձգէ իր երկը։

Մատթէոս Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութիւնը» շարունակած է Գրիգոր Երէցը, հասցնելով զայն մինչեւ 1162-1163 թուականները: Անոր մասին գիտենք, որ Քեսունցի երէց էր։ 1137-1138 թուականներուն Քեսունի վրայ Մելիք–Մեհմետի յարձակման մասին գրելու ժամանակ Գրիգոր Երէց ըսած է. «Ես նուաստ երէց Գրիգորս սրտապնդում էի (քաղաքացիներին) աչալրջօրէն պահպանել քաղաքը»։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 289.