Jump to content

Խոր Վիրապ

Կաղապար:ԱՀ

39°52′42″N 44°34′34″E / 39.8783°N 44.5761°E / 39.8783; 44.5761

Խոր Վիրապի վանք

Խոր Վիրապ, Խոր Վիրապի վանք, ճարտարապետական յուշարձան, 17-րդ դարու վանք-ամրոց Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Ոստան Հայոց գաւառին մէջ, Արաքս գետին ձախ կողմը, Փոքր Վետի գիւղին մօտ, պատմական Արտաշատ քաղաքին մօտակայ բլուրներէն մէկուն վրայ (այժմ՝ Հայաստանի Արարատի մարզի Լուսառատ գիւղին մօտ, 1 քմ Հիւսիս-Արեւմուտք)։ Եղած է Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած նշանաւոր ուխտատեղիներէն մէկը։

Պատմութիւն

Վիրապը օձերով, թունաւոր միջատներով լեցուն խոր փոս էր, ուր ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործներուն։ Ըստ Ագաթանգեղոսի, Տրդատ Գ.ը թագաւորը քրիստոնեաներու հալածանքի շրջանին Գրիգոր Լուսաւորիչին նետած է Արտաշատի արքունական բանտի գուբը, ուր Լուսաւորիչը ապրած է մօտ 14 տարի։ Լուսաւորիչը Խոր վիրապէն դուրս գալէն ետք, ստանալով արքայի աջակցութիւնը, քրիստոնէութիւնը կը դարձնէ Հայաստանի պետական կրօն։

Մօտ 642-ին Ներսէս Գ. կաթողիկոսը սրբազան վիրապին վրայ կը կառուցէ մատուռ մը, որ, ճարտարապետ Մ. Մնացականեանի կարծիքով, 10-րդ դարու արաբ պատմիչ Ալ-Մուքատտասիի նկարագրած՝ սպիտակ կրաքարէ, ներսը 8 սիւներով, բոլորաձեւ կեդրոնակազմ կառոյցն է։ Մատուռը իր ծաւալատարածական կազմով եւ կառուցուածքային սկզբունքով որոշ նմանութիւն ունեցած է Զուարթնոցին։ Աւերուած շինութեան տեղը 1662-ին կառուցուած է մատուռ մը, որ կանգուն է մինչեւ օրս։ Մատուռի Աւագ խորանէն աջ գտնուող մտոցը ուղղաձիգ աստիճաններու (ներկայիս՝ մետաղեայ) միջոցով կը տանի ներքնայարկ, ուր 4,4 մ տրամագիծով, 6 մ խորութեամբ, գմբէթանման գոգաւոր ծածկով վիրապն է։ Ամբողջ համալիրէն կիսաաւերակ տեսքով պահպանուած է նաեւ բուրգաւոր պարիսպը, որուն պատերուն երկայնքով տեղադրուած են սեղանատունը, վանական խուցերը եւ այլ օժանդակ վանքային կառոյցներ։ Պարսիպէն ներս, կեդրոնը, Ս. Աստուածածին գլխաւոր եկեղեցին է, որուն արեւմուտեան մասին կից կառուցուած է զանգակատունը։

13-րդ դարէն սկսեալ Խոր Վիրապը բացի կարեւոր սրբատեղի ըլլալէն, դարձած է կրթութեան եւ գիտութեան համահայկական կեդրոն. 1255-ին Վարդան Արեւելցին վանքին մէջ կը հիմնէ բարձրագոյն դպրոց, որուն նշանաւոր սաներէն կը դառնայ Վարդան Արեւելցին, Եսայի Նչեցին, Յովհաննէս Երզնկացին, Գէորգ Սկեւռացին, Ներսէս Մշեցին, որ յետագային Խոր Վիրապի դպրութիւնը բարձրացուց նոր մակարդակի։

16-րդ դարուն Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով վանքին շինութիւնները կը վնասուին։ 1666-1669 թուականներուն Դաւիթ վրդ. Վիրապեցին կը վերաառուցէ վանքին պարիսպները եւ ներսը գտնուող շինութիւնները։

1669-ին սկսած են վիրապէն հողահանութեան աշխատանքները եւ անոր վրայ 14-րդ դարուն կառուցուած մատուռի փոխարէն Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ կառուցումը։ Վիրապը ունի մօտ 4.5 մ տրամագիծ եւ 6.5 մ խորութիւն։ Այն արտաքուստ գոտեւորուած է կրաքարէ սալերով, ունի արձանագրութիւններ, բարձրաքանդակներ։

1703-ին աւարտին հասած է կեդրոնական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնովին վերակառուցումը։ 19-րդ դարու վերջին այդ եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատին կից կառուցուած է սիւնազարդ զանգակատունը։

1970-1980-ականներուն Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ջանքերով նորոգուած են վանքին պարիսպներն ու այլ շինութիւնները։

Պատկերասրահ

Գրականութիւն

  • Ագաթանգեղոս, Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 1983։
  • Կ. Մաթեւոսեան, «Խոր Վիրապի վանքը եւ անոր գրչական կեդրոնը», Էջմիածին, 1997, 2-3։
  • «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002։
  • Ալիշան Ղեւոնդ, Այրարատ, Վնտ., 1890, էջ 435-440։

Արտաքին յղումներ