Աստղագիտութիւն
Աստղագիտութիւն, երկնային մարմիններու (մոլորակներ, աստղեր, միգամածութիւններ, միջաստղային նիւթ, Թաթառակեր աստղային համակարգ (կալաքտիքա) եւ այլն) եւ անոնց հետ կապուած երեւոյթներու (տարածական բաշխում, շարժումներ, ֆիզիքական բնոյթ եւ վիճակ, փոխազդեցութիւն, յառաջացում ու զարգացում) գիտութիւնն է։ Անիկա միաժամանակ կը մշակէ երկնային մարմիններու փորձարկումները գործնական նպատակներով օգտագործելու միջոցներ (ժամանակի ծառայութիւն, աստղագիտական կողմնորոշում, տիեզերական թռիչքներու աստղագիտական կառավարում եւ այլն)։ Ըստ ուսումնասիրութեան առարկաներու կամ ձեւերու, աստղագիտութիւնը ունի կարգ մը ենթաբաժանումներ։
Տիեզերական թռիչքներու ընթացքին, անհրաժեշտ ուղեծիրերու ընտրութեան ատեն, աստղագիտութեան մէջ կը ձեւաւորուի նոր բաժին մը, որ կ'ուսումնասիրէ արհեստական երկնային մարմիններու շարժումները։
Արեւուն, մոլորակներուն եւ աստղերուն տեսանելի շարժումներուն պարբերականութիւնը աստղագիտական փորձարկումներով հաստատուած առաջին օրինաչափութիւններէն է։ Անիկա ինկած է ժամանակի որոշման եւ օրացոյցներու կազմութեան հիմքին մէջ։ Այդ պարբերականութիւնը կ'օգտագործուի նաեւ կարգ մը երկնային երեւոյթներու (Արեւուն եւ Լուսինին խաւարումը, Արեւուն, Լուսինին եւ մոլորակներուն մերձեցումները եւ այլն) կանխատեսման համար։ Այդ հարցերը, անոնց լուծման համար կիրարկուող գործիքներու տեսութիւնը եւ թուաբանական հաշիւները կը կազմեն աստղաչափութեան, մարզային ու գործնական աստղագիտութիւններու առարկան։
Մոլորակներուն շարժումները, Արեւուն ու Լուսինին խաւարումը, ինչպէս նաեւ պայծառ գիսաւորներու երեւոյթները հին դարերուն կը կապէին Երկրին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ եւ կ'օգտագործէին հասարակական կեանքի երեւոյթներուն եւ մարդոց ճակատագիրին կանխագուշակման նպատակով։ Այդ հարցերով զբաղող կեղծ գիտութիւնը՝ աստղագուշակութիւնը, ոչ մէկ գիտական հիմք ունի, սակայն ժամանակին զարկ տուած է աստղագիտական փորձարկումներուն եւ անով իսկ նպաստած է աստղագիտութեան զարգացման։
Մեծ է աստղագիտութեան գիտական եւ գործնական նշանակութիւնը։ Անիկա սերտօրէն կապուած է թուաբանութեան, բնագիտութեան եւ միւս գիտութիւններուն հետ։ Երկնային մեքենագիտութեան յաջողութիւնները ԺԷ. դարուն կը խթանեն այն օրերու բնագիտութեան հիմնական բաժինը կազմող դասական մեքենագիտութիւնը, որմով կը դրուի ճշգրիտ բնագիտութեան հիմքը։ Աւելի ուշ (Ի. դարուն) աստղաֆիզիքական հետազօտութիւնները կը յանգեցնեն նոր երեւոյթներու եւ տիեզերական պայմաններու մէջ դրսեւորուող, գիտութեան մինչ այդ անյայտ յատկութիւններու բացայայտման, որ զգալիօրէն կը նպաստէ բնագիտութեան զարգացման։ Յատկապէս, աստղերու ճառագայթման աղբիւրներու ուսումնասիրութիւնը կը յայտնաբերէ ելեկտրական ուժի ջերմամիջուկային աղբիւրները։
Միջազգային Եզրին Ծագումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բազմաթիւ լեզուներու մէջ գործածական է աստրոնոմիա եզրը. անիկա կը ծագի յունարէն αστρονομία բառէն, որ կազմուած է άστρον (աստրոն՝ աստղ կամ համաստեղութիւն) en νόμος (նոմոս՝ Բնութեան օրէնք, օրէնք), այսինքն՝ երկնային մարմիններու օրինաչափութիւններու ուսումնասիրութիւն։
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին Աշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստղագիտութիւնը հնագոյն գիտութիւններէն է։
Ք.Ա. աստղագիտութիւնը բաւականաչափ զարգացած էր Բաբելոնի, Եգիպտոսի, Չինաստանի եւ Յունաստանի մէջ։ Այսպէս, Ք.Ա. 28 դար առաջ եգիպտացի քուրմերը որոշած են տարուան տեւողութիւնը, իսկ Արեւուն խաւարման կրկնութեան պարբերութիւնը (սարոս) յայտնի էր արդէն Ք.Ա. 6-րդ դարուն: Ք.Ա. 2-րդ դարուն Հիպարքոսի կազմած աստղացուցակը կը պարունակէր հազարէն աւելի աստղերու երկնային տուեալներու ամբողջութիւնը եւ պայծառութեան գնահատականները՝ աստղային մեծութիւններու պայմանական սանդխակով, որ առանց էական փոփոխութիւններու կ'օգտագործուի նաեւ մեր օրերուն։ Կան պատմական վկայութիւններ Հին Հայաստանի մէջ աստղագիտական գիտելիքներու բարձր մակարդակին մասին։ Վաղ ժամանակներուն մարդիկ տեսած են, որ քանի մը լուսատուներ կը փոխեն իրենց դիրքը ուրիշ անշարժ աստղերու նկատմամբ։ Անոնք միասին կը շարժին դէպի արեւելք, ապա հակառակ ուղղութեամբ՝ օղակներ գծելով։ Այդ զարմանալի եւ տարօրինակ լուսատուները, որոնք իրենց ձեւով նման են աստղերու, մարդիկ կոչած են մոլորակներ, այսինքն՝ ճամբան կորսնցուցած, մոլորած։
Հին աշխարհը կ'ընդունէր հինգ մոլորակ, որոնք կ'երեւին պարզ աչքով։ Երկիրը մոլորակ չի համարուիր եւ բացառիկ տեղ գրաւած է տիեզերքին մէջ։ Ներկայիս, ծանօթ մոլորակներէն երկուքը, որոնք պարզ աչքով կարելի չէ տեսնել, յայտնաբերուած են վերջին դարերուն՝ Ուրանը 1781-նին եւ Նեպտիւնը 1846-ին։ Մոլորակները աստղերէն կը տարբերին առկայծումով։
Մոլորակները, ինչպէս նաեւ Երկիրին արբանեակը՝ Լուսինը, անձնական լոյս չունին։ Անոնք իրենց վրայ ինկած Արեւուն լոյսը հայելիի պէս կ'անդրադարձեն:
Երկիրին ձեւին, Տիեզերքի մէջ անոր դիրքին եւ մոլորակային համակարգին կառուցուածքին մասին ճիշդ միտքեր արտայայտուած են Ք.Ա. 3-րդ դարուն Էրատոսթենէս կ'որոշէ Երկիրին շառաւիղը, իսկ Արիսթարքոս Սամոսացին կ'ըսէ, թէ Երկիրը կը դառնայ Արեւուն շուրջ։ Սակայն, Ք.Ե. Բ. դարուն Պտղոմէոսի՝ իր ժամանակի աստղագիտական գիտելիքները ամփոփող «Աչմագէստ» աշխատութեան մէջ շարադրուած աշխարհի երկրակեդրոն համակարգին համաձայն, Արեւը՝ մոլորակներուն հետ միասին կը դառնայ Երկրին շուրջ։
Աշխարհի Երկրակեդրոն Համակարգը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սովորական առօրեայ փորձարկումներու ընթացքին մարդոց կը թուի, որ Երկիրը անշարժ է, եւ անոր շուրջ արեւելքէն դէպի արեւմուտք իրենց օրապտոյտը կը կատարեն երկնային լուսատուները։ Այս մտածելակերպը ունէին նաեւ Հին Յունաստանի գիտնականներէն շատեր։
Նշանաւոր թուաբանագէտ Փիւթակորաս, որ համոզուած էր, թէ «թիւերը կը կառավարեն աշխարհը», առաջիններէն էր, որ կ'արտայայտէ այն միտքը, որ Երկիրը գնդաձեւ է եւ Տիեզերքի մէջ կը գտնուի առանց յենարանի։
Հին աշխարհի այլ յոյն մտածող մը Տեմոքրիտ, որ ապրած է Ք.Ա. 400 տարի առաջ, կ'ըսէր, որ Արեւը քանի մը անգամ մեծ է Երկիրէն, Լուսինը սեփական լոյս չունի, իսկ Ծիր Կաթինը կազմուած է մեծ թիւով աստղերէ:
Հին աշխարհի մեծագոյն գիտնական Արիստոտէլ կը յաջողի ի մի բերել հաւաքուած գիտելիքները։
Ըստ Արիստոտէլի, ամէն ծանր բան կ'երկարի դէպի Տիեզերքին կեդրոնը, ուր կը կուտակուի ու կը յառաջացնէ գնդաձեւ զանգուած մը՝ Երկիր մոլորակը։ Մոլորակները կը գտնուին յատուկ մարզերու մէջ, որոնք կը դառնան Երկիրին շուրջ։ Այս համակարգին մէջ Երկիր մոլորակը կը գտնուի անշարժ վիճակի մէջ եւ համակարգը կը կոչուի երկրակեդրոն:
Շուրջ երկու հազարամեակ անոր կարծիքները կասկածի չեն ենթարկուիր, հակառակ անոր, որ Ք.Ա. 434-ին յոյն գիտնական Անաքսակորաս կ'արտայայտէ այն կարծիքը, որ Արեւը ոչ թէ աստուած է, այլ հսկայական շիկացած մարմին մը։
Հին աշխարհի այլ յոյն ներկայացուցիչ Արիսթարքոս Սամոսեցին փիւթակորականներու նման, կ'ըսէ, թէ աշխարհի կեդրոնը կը գտնուի Արեւը, ոչ թէ Երկիրը։ Ան առաջինն էր, որ կը փորձէ հաշուել Արեւուն չափերը եւ ըստ անոր տուեալներուն, անիկա Երկիրէն 300 անգամ մեծ ծաւալ պէտք է ունենար։ Սակայն անոր աշխատանքները մարդոց չեն հասած, եւ մարդկութիւնը մէկուկէս հազարամեակ համոզուած էր, որ Երկիրը աշխարհի անշարժ վիճակի մէջ գտնուող կեդրոնն է։
Անոր կը նպաստեն Քլավտիոս Պտղոմէոսի հաշուարկները, որոնցմով ան կը բացատրէ մոլորակներու շարժումները՝ անով վերջնականապէս եւ հիմնաւոր հաստատելով աշխարհին երկրակեդրոն ուսուցումը։
Պտղոմէոս իր նշանաւոր աշխատանքին՝ «Աստղագիտութեան Թուաբանական տրակտատ»ին մէջ, որ աւելի ծանօթ է «Ալմագէստ» անունով, կը հաստատէ, որ իւրաքանչիւր մոլորակ հաւասարաչափ կը շարժի փոքր շրջանագիծով՝ մակաշրջանով, որուն կեդրոնը անշարժ Երկրին շուրջ կը դառնայ աւելի մեծ շրջանագիծով՝ տարբերականով։ Անով ան կը բացատրէ մոլորակներու, ինչպէս նաեւ Արեւուն եւ Լուսինին շարժման իւրայատուկ վարքը։
Պտղոմէոս կը հաստատէ, որ բոլոր երկնային երեւոյթները տեղի կ'ունենան անշարժ եւ աշխարհի կեդրոնը գտնուող Երկիրին շուրջ։ Անոր համար ալ աշխարհի երկակեդրոն համակարգը կը կոչուի իր անունով։
Պտղոմէոսով վերջ կը գտնէ յունական հին աստղագիտութեան զարգացման շրջանը։
Աստղագիտութեան միւս շրջանը կը պայմանաւորուի արաբներով։ Պաղտատի մէջ, որ արաբական խալիֆայութեան մայրաքաղաքն էր, կը ստեղծուին գիտակրթական հաստատութիւններ, ուր կը թարգմանուին դրացի ժողովուրդներու եւ գլխաւորաբար՝ յոյն փիլիսոփաներու եւ գիտնականներու գործերը։ Այսպիսով, Պաղտատ կը դառնայ Արեւելքի մշակութային կեդրոնը։ Արաբներու պատմական ծառայութիւնը այն է, որ անոնք կը փրկեն յոյն մտածողներու գործերը։ Անոնք կը սորվին եւ կը հարստացնեն գիտական այդ ժառանգութիւնը։
Արաբներու նուաճումները կը լրացնեն անուանի աստղագէտներ՝ Անանիա Շիրակացին Հայաստանի մէջ, Ալ-Պիրունին, Օմար Խայեամը եւ Ուլուկ բէկը, որոնք կը ստեղծագործեն Միջին Արեւելքի մէջ:
Միջին Դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջին դարերուն բարբարոս ցեղերու արշաւանքներուն ընթացքին, գրեթէ ամէն ինչ կը մոռցուի, եւ աստղագիտութիւնը մեծ անկում կ'ապրի։
Այդ ժամանակաշրջանին եզակի կը դառնան Անանիա Շիրակացիին գոծերը, որոնց մէջ վերածնունդ կ'ապրին յոյն մտածողներու յառաջադիմական գաղափարները։ Ժ.- ԺԵ. դարերուն զգալի թիւով աստղագիտական փորձարկումներ կը կատարուին արաբական երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Նշանաւոր են յատկապէս՝ Ուլուկ բեկի (ԺԵ. դար) Սամարղանդի մէջ կատարած փորձարկումները։
ԺԵ. դարու արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի զարգացումը, յատկապէս, ծովային ճամբորդութիւնները լուրջ ազդակ կը դառնան աստղագիտութեան ծաղկման համար։ Ն. Քոպեռնիկոսի, Կ. Կալիլէոյի, Ե. Քեպլերի եւ Ի. Նիութընի գործերով կը հիմնաւորուի եւ կը հաստատուի աշխարհի արեգակնային համակարգը: Մոլորակներու շարժման օրէնքներու յայտնագործումը (Ե. Քեպլեր) ու մեկնաբանումը (Ի. Նիութըն) կը յայտնեն երկնային տեսական աստղագիտութեան ծնունդը։ Այդ շրջանի աստղագիտութիւնը արդէն կը հիմնուէր երկնային երեւոյթներու իմացութեան վրայ։ Անոր փայլուն ապացոյցներէն են Հալլէյի գիսաստղին յայտնուիլը 1682-ին եւ Նեփթուն մոլորակին յայտնագործումը 1846-ին՝ Լէ Վերիէի հաշուարկումներու հիման վրայ։
Աստղագիտութեան մեծ յառաջընթացը կը կապուի աստղադիտակներու կիրարկութեան հետ։
Աստղադիտակով Լուսինին, Արեւուն, մոլորակներուն եւ Ծիր Կաթինի փորձարկումները առաջին անգամ կը կատարէ Կ. Կալիլէօն, 1610-ին։ Հակառակ Կ. Կալիլէոյին ստեղծած դիտակին պարզութեան եւ փոքր չափերուն, այդ փորձարկումներուն շնորհիւ ան կը յայտնաբերէ Լուսնթագին չորս արբանեակները եւ արեւաբիծերը։ Ծիր Կաթինի շերտը կը տարրալուծէ առանձին աստղեր, կը պարզէ Լուսինին մակերեւոյթին վրայ դիտուող գոյացումներու բնոյթը եւ այլն։ Ճ. Պրետլի կը յայտնագործէ լոյսի շեղումներու երեւոյթը (1727), Մ. Լոմոնոսով՝ Լուսնթագին մթնոլորտը (1761)։ Կը յայտնաբերուին նաեւ բազմաթիւ աստղակոյտեր եւ միգամածութիւններ, կրկնակի եւ փոփոխական աստղեր: Փ. Լափլաս կը մշակէ Արեգակնային դրութեան յառաջացման իր վարկածը, որմով սկիզբ կ'առնէ աշխարհագործութիւնը:
Ու. Հերշելի (ԺԸ. դար), աստղերու բաշխման, Արեւուն ու աստղերու շարժումներուն եւ Ծիր Կաթինի կառուցուածքին հետազօտութիւնները կը յայտնեն աստղաբաշխութեան (աստղային աստղագիտութեան) ծնունդը։ 1830-ականներուն կը չափուին քանի մը աստղերու հեռաւորութիւնները։ Աւելի ուշ, մեծ թիւով աստղերու հեռաւորութիւններու, սեփական շարժումներու եւ տեսագծային արագութիւններու չափումներու հիման վրայ, կը բացայայտուին Կալաքտիքային մէջ աստղերու շարժումներու օրինաչափութիւնները, իսկ 1927-ին Եան Ուորտ կը յայտնագործէ Կալաքտիքայի պտոյտը։
Աշխարհի Արեւակեդրոն Համակարգը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստիճանաբար կը ձեւաւորուի նոր աշխարհահայեացք մը, որ կը լուսաբանէ մեզ շրջապատող աշխարհը այնպէս, ինչպէս կայ իրականութեան մէջ։ Երկիրը կը դասուի մոլորակներու շարքին մէջ։
Այս ուղղութեամբ մեծ դեր կ'ունենայ գիտնական Նիքոլայ Քոպեռնիկոսը: 1543-ին, երբ Քոպեռնիկոս մահամերձ պառկած էր իր անկողինին մէջ, կը տպագրուի իր 40 տարուան աշխատանքին արդիւնքը՝ «Երկնային Մարզերու Պտոյտներու Մասին» դասական գործը։ Ան Երկիրը համարելով մոլորակ եւ նշելով անոր իսկական տեղը մոլորակներու մէջ, Նիքոլայ Քոպեռնիկոս այսպէս կը պատկերացնէր աշխարհի կեդրոնը, անոր շուրջ շրջագիծով եւ հաւասարաչափ արագութեամբ կը դառնային մոլորակները՝ Փայլածուն, Արուսեակը, Երկիրը, Հրատը, Լուսնթագը, եւ Երեւակը: Իսկ այս մոլորակներէն դուրս կը գտնուէր անշարժ աստղերու մարզը։
Նոր Ժամանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԹ. դարու վերջերուն լուսանկարչութիւնը, աթոմական բնագիտութեան հետ միասին հիմք կը ծառայեն աստղային բնագիտութեան զարգացման։ Շուտով աստղերու ներքին կառուցուածքին տեսական հետազօտութիւնը, աստղային բնագիտութեան տուեալներու հիման վրայ, կ'օգնէ բացայայտելու անոնց ուժին աղբիւրները։
1920-ականներէն, երբ մեծ աստղադիտակներու կառուցման շնորհիւ կ'աճի մեծ հեռաւորութիւններու վրայ գտնուող տիեզերական առարկաներու դիտման կարելիութիւնը, բուռն զարգացում կ'ապրի արտայարդգող աստղագիտութիւնը, որուն ուսումնասիրութեան առարկաները մեր Կալաքտիքայէն դուրս գտնուող, սակայն նոյն բնոյթի հսկայական աստղային համակարգերը՝ արտաքին կալաքտիքաները եւ անոնց ֆիզիքական խումբերն են (բազմակալաքտիքաներ, կալաքտիքաներու կոյտեր եւ աւելի բարձր կարգի համակարգեր)։
1929-ին Էտվին Հապլ կը յայտնագործէ Տիեզերքի դիտուող մասին լայնացման մասին վկայող Կարմիր շեղման երեւոյթը, որ տեսականօրէն կանխագուշակած էր Հ. Ֆրիտմանը (1922)։ Աստղագիտութեան կարեւորագոյն արդիւնքներուն մէկ մասը ստացուած է ռատիոաստղագիտութեան զարգացման շնորհիւ։ Եթէ մինչ այդ երկնային մարմիններու եւ անոնց մէջ ընթացող երեւոյթներու վերաբերեալ մեր բոլոր գիտելիքները կը հիմնուէին այդ մարմիններու արձակած լոյսին ուսումնասիրութեան վրայ, ապա ռատիոաստղագիտութիւնը կարելի կը դարձնէ այդ գիտելիքներու խորացումը եւ ընդարձակումը երկնային մարմիններու ռատիոճառագայթման փորձարկումներով։
Աստղագիտութեան մէջ մեծ հռչակ ունի Հապլի աստղադիտակը:
Երիտասարդ աստղերու համակարգերու՝ աստղասփիւռներու յայտնագործման ու ուսումնասիրութեան շնորհիւ (Վիքթոր Համբարձումեան, 1947) ամուր գիտական հիմքերու վրայ կը դրուի եւ արմատական նշանակութիւն ունեցող արդիւնքներու կը հասնի աշխարհագործութիւնը։
Նորագոյն Ժամանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1957-էն սկսեալ, երբ Խորհրդային Միութեան մէջ կ'արձակուի Երկիրին առաջին արհեստական արբանեակը, աստղագիտութիւնը նոր թռիչք մը կ'ապրի։ Արհեստական արբանեակներու եւ միջմոլորակային կայաններու միջոցով կատարուող աստղագիտական փորձարկումները, որոնք ազատ են Երկիրին մթնոլորտին խանգարիչ ազդեցութենէն, զգալիօրէն կ'ընդարձակեն աստղագիտութեան կարելիութիւնները (արտամթնոլորտային աստղագիտութիւն)։ Յատկապէս, կարելի կը դառնայ երկնային մարմիններու ճառագայթման լուսապատկերին մինչեւ այսօր անմատչելի մասերու փորձարկումները։
Մոլորած մարմիններ
Ըստ նոր տեսութիւններու, Մեզի կ'այցելեն երեք ընտանիքներու պատկանող երկնային մարմիններ՝ ասուպներ (meteorite), երկնաքարեր (asteroid = աստղակերպ) եւ գիսաւորներ (comet): Առաջին երկուքը խորքին մէջ աղքատ ու մեծատուն արիւնակիցներ են: Այս մոլորած մարմիններուն աղբիւրը հակնալու համար հարկ է ունենալ արեգակնային դրութեան ամբողջական պատկերը: Մարդոց մեծամասնութեան պատկերացումը հաւանաբար այն է, թէ այդ դրութիւնը կազմուած է Արեւէն, մոլորակներէն եւ թերեւս անոնց արբանեակներէն:
Մոլորակներուն պտոյտին արտաքին գնդաձեւ նոսր Օըրթ (Oort) ամպը կազմուած է թեթեւ նիւթերէ, որովհետեւ ծանր նիւթեր, ինչպէս մետաղներ, վաղուց «ինկած են» դէպի Արեւ: Արեւուն մօտիկ «երկրային» մոլորակներ՝ Փայլածուն, Արուսեակը, Երկիրը եւ Հրատը (Mercury, Venus, Earth, Mars) կազմուած են ծանր նիւթերէ, իսկ հեռու, հսկայ մոլորակները՝ Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրան եւ Նեպտիւն (Jupiter, Saturn, Uranus, Neptune)՝ թեթեւ մասնիկներէ: Վերջին երկուքը հայկական անուններ չունին, որովհետեւ պարզ աչքով տեսանելի չէին մեր նախահայրերուն:
Աստղագիտութիւնը Հայաստանի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստղագիտութիւնը՝ իբրեւեւ գիտութիւն, Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է Է. դարուն՝ Անանիա Շիրակացիին տիեզերագիտական ու տոմարագիտական գործերով։ Շիրակացի ընդունած է Երկիրին գնդաձեւութիւնը, ճիշդ բացատրած Արեւուն եւ Լուսինի խաւարումները, Ծիր կաթինին վերագրած է աստղային բնոյթ։ Աստղագիտութեան եւ տոմարագիտութեան հարցերը ԺԱ. դարուն լրջօրէն քննարկած է Յովհաննէս Սարկաւագը «Պատճէն տոմարի» գործին մէջ, ուր տուած է տոմարագիտութեան հարցերու լրիւ շարադրութիւնը եւ հայկական օրացոյցը համեմատած այլ ժողովուրդներու օրացոյցներու հետ։ Միջին դարերուն Հայաստանի վանական բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ (Գլաձոր, Տաթեւ) դասաւանդուած են «Տիեզերագիտութիւն» եւ «Տոմարագիտութիւն» նիւթերը։
Հայաստանի մէջ աստղագիտական հետազօտութիւններ տեղի ունեցած են քանի մը աստղադիտարաններու մէջ (Երեւանի, Բիւրականի եւ Գառնիի)։
Աստղագիտական փորձարկումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստղագիտութիւնը կը զբաղի Երկիրի սահմաններէն դուրս գտնուող մարմիններու եւ երեւոյթներու ուսումնասիրութեամբ։ Աստղագէտը միայն կը դիտէ ու կ'արձանագրէ երկնային երեւոյթները եւ իր գտած փաստերուն հիման վրայ կ'ընէ ընդհանրացումներ։ Այդ իսկ պատճառով, աստղագիտութեան ուսումնասիրման մեթոտները կը տարբերին Երկրի բոլոր գիտութիւններու ուսումնասիրութիւններու մեթոտներէ։ Այդ փորձարկումներէ ստացուած փաստերը կը կազմեն աստղագիտութեան հիմքը։ Ներկայ ժամանակներուն գիտնականներու ձեռք բերած կուտակման համար պէտք եղած է երկար ժամանակ, եւ այդ փաստերու ձեռքբերումը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
Աստղագիտութիւնն ամէնէն առաջ դիտողական գիտութիւն է։
Աստղագիտութեան զարգացումը աւելի մեծ թափով կը սկսի յառաջանալ, երբ իտալացի գիտնական Կալիլէօ կը ստեղծէ առաջին հեռադիտակը, ապա կը ստեղծէ աստղագիտական այլ գործիքներ։ Այդ տեսակ գործիքները մարդոց կարելիութիւն կու տան աւելի ընդլայնելու Տիեզերքին չափերը, յայտնաբերելու նոր երեւոյթներ եւ զանոնք ուսումնասիրելու տուեալ ժամանակի գիտութեան կարելիութիւններուն համապատասխան։
Դիտողական փաստերու առկայութիւնը եւ անոնց ընդհանրացումն ու ճիշդ լուսաբանումը կը զարգացնեն աստղագիտութիւնը։
Աստղագիտական դրուագ մը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերածնունդի գիտնականները կը հաւատային, թէ տիեզերքը դասաւորուած է, ըստ թուաբանական եւ երկրաչափական պարզ տարազներու: Վաստակաշատ աստղագէտ Քէփլըր (1571-1630) կը հաւատար, որ մոլորակներու ծիրերը կը տեղադրուին իրարու մէջ «բոյն դրած» Պղատոնական երկրաչափական ձեւերու մէջ (հաւասարակողմ բուրգ, խորանարդ եւ այլն): Ձեւերը հիմնաւորուած էին փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական սկզբունքներով: Այս աւանդութեան արդիւնքներէն մէկը կ'ըլլայ, որ ԺԸ. դարուն գիտնականներ Թիթիուս, ապա Պոտէ կը ձեւաւորեն թուաբանական տարազ մը (Titius-Bode Law 1772), որ մեծ ճշգրտութեամբ կ'որոշէր մոլորակներուն ծիրերուն շառաւիղները (radius): Բոլոր մոլորակները ներկայ էին իրենց տեղերը, ի բացառեալ թիւ 5-էն: Թիթիուսի տարազին վրայ խոր հաւատք կ'ընծայէ իտալացի աստղագէտ Փիացցի, որ կը զննէ այդ շրջանը եւ 1801-ի Նոր Տարուան առաւօտեան կը գտնէ աղօտ նշոյլ մը: Այդ Երկնաքարերու գօտիին ամէնէն մեծ անդամը՝ շուրջ հազար քմ. իրամագիծով գաճաճ մոլորակ Սիրըցն էր (Ceres):
Պղատոնական ներշնչումով ձեւաւորուած տարազը կը յաջողի գուշակել վայր մը, ուր մեծ թիւով ժայռաբեկորներ եւ առնուազն մէկ գաճաճ մոլորակ կար: Աստղագէտ Դանիէլ Քըրքուուտ (Daniel Kirkwood) 1814-1895-ին կ'ուսումնասիրէ փոխադարձ ձգողութեան պատճառով մոլորակներու միջեւ գոյացող համահունչ (resonant) շարժումը: Խրթին հաշուարկները կ'իրականանան համակարգիչներու միջոցով: Թիթիուս-Պօտէ տարազը կարելի է այժմ տեսականօրէն արտաբերել (derive)[1]:
Աստղագիտական Չափման Միաւորներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստղագիտական միաւորներէն յայտնի է պարսեկը։ 1 պարսէեկը հաւասար է ՝ քմ-ի։ Օրինակ Երկիրին ամէնէն մօտ գտնուող աստղին՝ Քենտավրոսէն հեռաւորութիւնը հաւասար է 1,3 պարսեկի։ Պարսեկէն բացի, աստղագիտական տարածութիւնները կը չափեն նաեւ լոյսի տարիով՝ հեռաւորութիւնը, որ լոյսը կ'անցընէ մէկ տարուան ընթացքին։ 1 լոյսի տարին հաւասար է ՝ քմ։
- 1 պկ = ա. մ. ≈ 206 265 ա. մ. = 3.08568 * 1016 մ = 3.2616 լուսնային տարի:
1000 պկ = 1 քպկ (քիլոպարսեկ)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Համբարձումեան Վ. Տ., Աստրոֆիզիկքան եւ աստղերու էվոլուցիան, Երեւան, 1948:
- Համբարձումեան Վ. Տ., Տիեզերքի էվոլուցիայի պրոբլեմները, Երեւան, 1968:
- Միրզոեան Լ. Վ., Երկնային մարմինների յառաջացման մասին, Երեւան, 1956:
- Թումանեան Բ. Ե., Վաթեան Լ. Ա., Ընդհանուր աստղագիտութիւն, Երեւան, 1960:
- Թումանեան Բ. Ե., Հայ աստղագիտութեան պատմութիւն, (հ. 1 - 2), 1964 - 1968:
- Գրոմով Ս․ Վ․, Ռոդինա Ն․ Ա․, Անտարէս հրատակչութիւն, Երեւան, 2009: