Jump to content

Գարուն

Գարուն, տարուան չորս եղանակներէն մէկը։ Ձմրան՝ յաջորդող, իսկ ամրան՝ նախորդող եղանակը։

Գարունը բնութեան վերակենդանութիւնը խորհրդանշող եղանակն է:

Գարունը տարուան ամէնէն մեղմ եղանակը կը նկատուի, որուն կը յաջորդէ Ամառը[1]։

Գարնան ծաղիկները կը բացուին եւ օդը կը մեղմանայ։

Գարունը անցումային ժամանակաշրջան մըն է, երբ օրուան լուսաւորութիւնը ու օդի ջերմաստիճանը աստիճանաբար կ'աւելնան։ Իսկ բուսականութեան եւ կենդանական համակարգային ընթացքը կ'աշխուժանայ։

Ինչպէս տարուան բոլոր եղանակները, գարունը եւս կը բաղկանայ երեք ամիսէ, հիւսիսային կիսագունդի շրջաններուն մէջ՝ Մարտ, Ապրիլ եւ Մայիս, իսկ հարաւային շրջաններուն մէջ՝ Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր։

Գարունը միշտ 21 Մարտին չսկսիր: Այս թուականը կ'որոշուի ըստ գիշերահաւասարի օրուան: Այսինքն` տարուան այն օրը, երբ արեւը կ'անցնի հասարակածին վրայէն: Հասարակածը այն երեւակայական գիծն է, որ երկրագունդը կը բաժնէ երկու հաւասար հեռաւորութիւներու` մինչեւ բեւեռները: Այս թուականին ցերեկին տեւողութիւնը հաւասար է գիշերուան տեւողութեան: Տարուան ընթացքին գոյութիւն ունի երկու վայրկեան, երբ այս երեւոյթը կը պատահի, գարնան եւ աշնան:[2]

Անասուններու եւ բուսականութեան համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անասուններուն մեծ մասը կը ծնի գարնան: Այս եղանակը ամէնէն յարմար ժամանակն է, որովհետեւ աւելի ուտելիք կայ թէ՛ մօր, թէ՛ ալ ձագուկին համար:

Ձմրան ընթացքին բազմաթիւ անասուններ, ինչպէս` սկիւռները եւ ոզնիները, ձմեռնային քունի մէջ կը մտնեն (կը ձմեռեն), անոնք կը քնանան իրենց ուժերը խնայելու համար: Գարնան անոնք կ'արթննան իրենց քունէն: Նապաստակները իրենց ծակէն դուրս կ'ելլեն:

Մարտ Ապրիլ Մայիս

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]