Կանանց Միջազգային Օր
Կանանց Միջազգային Օր | |
---|---|
8 Մարտ 1914-ին, Կիներու Օրուան առիթով, գերմանական որմազդ, որ կը պահանջէ կիներուն քուէարկելու իրաւունքը: | |
Տեսակ | Ռուսիոյ տօներ եւ Միջազգային Օր |
Ամսաթիւ | 8 Մարտ |
Հաստատուած | 28 Փետրուար 1909, 1922, 1949 եւ 8 Մարտ 1917 |
Անուանուած է | կին |
Ի յիշատակ | կին |
Նախորդ | National Woman's Day? |
Կայք | Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-zh" does not exist։ |
Կանանց Միջազգային Օր (անգլերէն՝ International Women's Day (IWD)), սկզբնական անուանումը՝ Աշխատաւոր Կանանց Միջազգային Օր, կը նշուի ամէն տարի՝ 8 Մարտին[1]: Զանազան տարածաշրջաններու մէջ կատարուած տօնակատարութիւններուն նպատակն է արժեւորել կիները՝ ընկերային, կրթական, առողջապահական, ճարտարարուեստի, գեղարուեստի, տնտեսական, քաղաքական, զինուորական եւ այլ մարզերու մէջ իրենց ձեռք բերած յաջողութիւններուն համար։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ի. դարու սկիզբը, բազմաթիւ կիներ վատառողջ պայմաններու մէջ աշխատանքի կը լծուին, ցած աշխատավարձք ստանալով: Արագընթաց թափով մը կը յառաջանան կիներու արհեստակցական միութիւններ՝ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Նախաքայլեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]8 մարտ 1857-ին Նիւ Եորքի մէջ հագուստեղէնի եւ հիւսուածեղէնի գործարաններու կին աշխատաւորներ, յատկապէս Նիւ Եորքի մէջ, բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն։ Շուրջ 15․000 կիներ կը բողոքեն աշխատանքի պայմաններուն դէմ: Անոնք կը պահանջեն նուազեցնել աշխատանքի ժամերն ու տղամարդոց հետ հաւասարաչափ ամսական ստանալ, ինչպէս նաեւ՝ քուէարկելու իրաւունք ստանալ։ Աշխատանքի պայմաններու եւ աշխատավարձերու բարելաւման պահանջներով ու կիներուն իրաւահաւասարութեան առաջադրանքով յեղաշրջման ալիք մը թափ կ'առնէ ու կը տարածուի երկու ցամաքամասերուն մէջ՝ Եւրոպա եւ Ամերիկա։
28 Փետրուար 1909-ին, Ամերիկայի Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ առաջին անգամ ըլլալով «Կիներու Ազգային Օր» կը յայտարարուի։ Առաջարկը կը ներկայացնէ Թէրէզա Մալքիէլէն։ Այնուհետեւ մինչեւ 1913 կը նշուի Փետրուար ամսուն վերջին Կիրակին։
«Կիներու Միջազգային Օր»ուան Հաստատում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1910-ին, Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականի Քոփենհակընի համագումարին նախորդած Կիներու Միջազգային Համագումարին ընթացքին գերմանացի կին ընկերվարական Լուիզ Զէյթս կ'առաջարկէ պաշտօնապէս հաստատել «Կիներու Միջազգային Օր»ը:
Քլարա Ցեթքին շատ կարեւոր դերակատարութիւն կ'ունենայ աշխատաւոր կիները արհեստակցական միութիւններու մէջ կազմակերպելու իմաստով: Ան մեծ կարեւորութիւն կու տար տղամարդոց եւ կիներուն միջեւ սենտիքայական աշխատանքի միասնականութեան: Ցեթքին շատ մեծ աշխատանք կը տանի կնոջական ընկերվարական կազմակերպութիւններուն օրակարգերը ձեւաւորելու առումով: Ան 1907-ին կը նախաձեռնէ Շթութկարթի մէջ Ընկերվարական կնոջական շարժումի առաջին միջազգային համագումարին կայացման, որուն կը մասնակցին 59 կիներ՝ 15 երկիրներէ: Իսկ արդէն նշեալ շարժումին 1910-ի համագումարին կ'որդեգրուի Աշխատաւոր կիներու միջազգային օրը նշելու որոշումը, որ վերջնականապէս կը վաւերացուի 1911-ին՝ Ընկերվար Բ. միջազգայնականի համագումարին:
19 Մարտ 1911-ին Հելենա Կրինպըրկի առաջարկով, առաջին անգամ «Կիներու Միջազգային Օր»ը կը նշուի Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Դանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ։ 1912-ին այդ օրը կը նշուի 12 Մայիսին։ 1913-ին կիներ ճամբաները կ'ելլեն բողոքի ցոյցերով՝ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ մէջ՝ 2 Մարտին, Աւստրիոյ, Չեխիոյ, Հոլանտայի եւ Զուիցերիոյ մէջ՝ 9 Մարտին, իսկ Գերմանիոյ մէջ՝ 12 Մարտին։
1914-ին վեց պետութիւններու մէջ՝ Աւստրիոյ, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Ռուսիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ միաժամանակ «Կիներու Միջազգային Օրը» կը նշուի Կիրակի, 8 Մարտին:
Վերոնշեալ թուականը կ'որդեգրուի եւ այնուհետեւ «Կիներու Միջազգային Օր»ը կը նշուի 8 Մարտին։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 1977-ին գումարուած Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին կոչ կ'ուղղէ անդամներուն 8 Մարտը յայտարարել «Միացեալ Ազգերուն Օրը կիներուն իրաւունքներուն եւ միջազգային խաղաղութեան համար»։
Քլարա Ցեթքինը՝ Իբրեւ Ընկերվարական-Ֆեմինիստ Պայքարողի Տիպար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քլարա Ցեթքին կը պաշտպանէ այն գաղափարը, որ աշխատաւոր կիները պէտք չէ իրենց պայքարը սահմանափակեն քաղաքական մասնակի պահանջներու ներկայացումով, ինչպիսին էր ընտրելու իրաւունքը: Անոնք պէտք է պայքարէին աշխատելու իրաւունք ձեռք ձգելու, աշխատավարձի հաւասարութեան, երեխաներու հոգատարութեան համար վճարուած արձակուրդի, կրթութեան իրաւունքին եւ այլ իրաւունքներու համար ալ:
Ըստ Ցեթքինի միայն ընկերվարական հասարակութիւնը կրնայ լուծել այն տագնապը, որ յառաջացած է կիներուն աշխատանքային գործունէութեան պատճառով: Անգամ մը, որ ընտանիքը այլեւս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ իբրեւ տնտեսական կառոյց, եւ անոր կու գայ փոխարինելու ընտանիքին համար տարբեր հասկացողութիւն մը` իբրեւ բարոյական կառոյց, այն ժամանակ միայն կինը կրնայ դառնալ հաւասարապէս ստեղծագործ, հաւասարապէս նպատակասլաց, յառաջադէմ ընկերակիցը իր ամուսնոյն, իր անհատականութիւնը կը ծաղկի, միաժամանակ ան ըստ կարելւոյն ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ կրնայ իրագործել իր առաքելութիւնը իբրեւ կին եւ մայր[2]:
Այսօր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1996-էն սկսեալ, Կիներու Օրուան առիթով, ամէն տարի Մ․Ա․Կ․ կ'որդեգրէ նշանաբան մը։ 2019-ին, «Կիներու Միջազգային Օր»ուան համար իւրացուած նշանաբանը կ'ըլլայ՝ «Մտածէ՛ հաւասար, Սրամտօրէն գործէ՛, Բարեփոխէ՛ նորութիւններ մուծելով»։ 2020-ին, «Կիներու Միջազգային Օր»ուան նշանաբանը կ'ըլլայ՝ «Հաւասարութեան Սերունդն եմ․ Իրականացնելով Կիներուն Իրաւահաւասարութեան Իրաւունքները»։[3][4][5]
Հայ կիներուն «զարթօնքը» զուգահեռ կիներու միջազգային շարժման
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԹ. դարուն կէսերէն, մանաւանդ վերջաւորութեան եւ Ի. դարասկիզբին, գրագիտուհիներ եւ հասարակական գործիչներ՝ Էլպիս Կեսարացեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան եւ Հայկանուշ Մարք, հայ կնոջական զարթնումի շարժման յառաջատարները կը հանդիսանան։ Անոնք իրենց գրութիւններով, ապրելաձեւով եւ գործունէութեամբ կ'արծածեն եւ կը պաշտպանեն հայ իրականութեան մէջ կնոջ իրաւունքները։ Անոնք կը մղեն հայ կինը գործօն դերակատարութիւն ունենալու՝ այր մարդու կողքին, հաւասար իրաւունքներով։[6]
Մէջբերումներ անոնց խօսքերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կանայք նման են սոխակներուն, որոնք փոխանակ ինքնուրոյն երգելու, թոյլ կու տան ագռաւ-տղամարդոց հպարտութենէն փքանալու։ - Էլպիս Կեսարացեան
|
Մեր յետեւում թողնում ենք մի արահետ, որը թէեւ տօնական կամ փայլուն ոչինչ ունի, բայց արահետ է, որին առանց ամաչելու ենք նայում, գիւղի մի նեղ արահետ, որով անցել ենք՝ կատարելով մեր պարտականութիւնները իբրեւ կին, իբրեւ ամուսին եւ իբրեւ մայր: Հիմա նոր ուղի պիտի հարթենք, այն պիտի քաղաքի լուրջ ճանապարհ լինի, աւելի լայն, աւելի ուղիղ, աւելի ձիգ դէպի նպատակը: Այդ ճամբի վրայ պ¬տի կրենք մեր պատասխանատուութիւնը, պիտի ստեղծենք մեր իրաւունքները, պիտի դարբնենք մեր գործը` ամէնեւին չհեռացնելով մեզ մեր կանացի բնազդներից, մեր տնից: Այն պիտի տանի մեզ մի բարձունք, ուր մղում են մեզ մեր սեռի, մեր ազգի, մեր հայրենիքի վերածննդի ջղապի իղձերը: - Հատուած մը «Հայ Կին» (1919-1923) հանդէսին խմբագրականէն, Հայկանուշ Մարք
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ UN WOMEN WATCH INTERNATIONAL WOMEN'S DAY (անգլերէն)
- ↑ Քլարա Ցեթքին
- ↑ Կիներու Միջազգային Օրուան պատմութիւնը (անգլերէն)
- ↑ Կիներու քուէարկելու իրաւունքները (անգլերէն)
- ↑ 2019․Կիներու Միջազգային Օր, Մտածէ՛ հաւասար, Սրամտօրէն գործէ՛, Բարեփոխէ՛ նորութիւն մուծելով
- ↑ Արմենիքա պարբերաթերթ, Զապէլ Եսայեան՝ հայ կնապաշտ գրագիտուհին (յունարէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|