Jump to content

Հադէս

Հադէսը Կերբերոսի հետ

Հադէս (յուն․՝ ᾍδης)` յունական դիցաբանութեան մէջ մահուան եւ անդրաշխարհի աստուածն է[1]:

Հադէսը Անդրաշխարհին Աստուած

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունական դիցաբանութեան մէջ, անդրաշխարհի աստուած Հադէսը տիտաններ Կրոնոսի եւ Հռէայի որդին էր: Ան ունէր երեք քոյր՝ Դեմետրէ, Հեստիա եւ Հերա, ինչպէս նաեւ երկու եղբայր՝ երեքէն ամենակրտսեր Զեւսը եւ Պոսէյդոնը:

Չափահաս դառնալով, Զեւսը կրցաւ ստիպել իր հօրը, որ արտաբերէ իր զաւակները: Ատկէ ետք վեց պատանի աստուածները, իրենց հետ համագործակցածներուն հետ կոչեցին միւսները աստուածային կռիւ ընելու: Պատերազմն աւարտուեցաւ պատանիներու յաղթանակով: Աստուածները բաժնեցին աշխարհը, Պոսէյդոնն ստացաւ ծովերը, Զեւսը՝ երկինքը եւ Հադէսը՝ անդրաշխարհը[2]: Հադէսն իր կինն ու թագուհին՝ Պերսեփոնէն ստացաւ Զեւսի հրամանով անոր առեւանգելով: Սա առասպելն ամենակարեւորն է, որուն մէջ Հադէսը դեր ունեցած է[3]:

Հռովմէական դիցաբանութեան մէջ համարժէքն է Պլուտոնը:

Հադէս եւ Սիզիփոս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հադէսը իր հպատակներէն ոչ մեկուն չէ թոյլ տար լքել իր թագաւորութիւնը, սակայն օր մը զայն խաբած էր խորամանկ Սիզիփոսը, եւ փախած էր մեռեալներու թագաւորութենէ։ Բայց Հադէսէն փախչիլ հնարաւոր չէ, եւ իբրեւ պատիժ Սիզիփոսը սարն ի վեր կը գլորէ ծանր քարը, որը անմիջապէս վար կը գահավիժէ, ատանկ շարունակ։

Պերսեփոնէ եւ Հադէս

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Cartwright, Mark, «Hades», Ancient History Encyclopedia, http://www.ancient.eu/Hades/, վերցված է 29 June 2015 .
  2. «Hades the Greek God of the Underworld, Hades the unseen»։ www.greekmyths-greekmythology.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-18 
  3. Grant and Hazel, p. 236.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]