Jump to content

Պաղեստին

Երկիր
Պաղեստին
արաբերէն՝ دولة فلسطين
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Պաղեստին
Ներքին բաժանում Deir al-Balah Governorate?, Jericho Governorate?, Gaza Governorate?, Salfit Governorate?, Quds Governorate?, Khan Yunis Governorate?, Tubas Governorate?, Jenin Governorate?, Hebron Governorate?, Bethlehem Governorate?, North Gaza Governorate?, Ramallah and al-Bireh Governorate?, Tulkarm Governorate?, Qalqilya Governorate?, Rafah Governorate?, Նաբլուս?, Գազայի հատված? եւ Հորդանան գետի արևմտյան ափ?
Prime Minister of the State of Palestine? Mohammad Shtayyeh?
Օրէնսդրական մարմին Palestinian Legislative Council?[1]
Հիմնադրուած է՝ 15 Նոյեմբեր 1988[2]
Տարածութիւն 6020 քմ²
ջրայինը 1,4 տոկոս
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն
Բնակչութիւն 5 227 193 մարդ (2021)[3]
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով, Մեռեալ Ծով եւ Յորդանան գետ
Ժամային գօտի UTC+2, UTC+3։00 եւ Asia/Jerusalem?
Անուանուած է Պաղեստին?
Հիմնադիր Պաղեստինի ազատության կազմակերպություն?
Պաշտօնական կայքէջ president.ps
Պաղեստինեան Պետութեան դրօշ
Պաղեստինի զինանշան

Պաղեստին (արաբերէն՝ دولة فلسطين, անգլերէն՝ State of Palestine) , մասամբ ճանչցուած պետութիւն[4] Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին։ Տէ ժուրէ Ինքնիշխան պետութիւն Միջին Արեւելքի մէջ, որ կը յաւակնի Յորդանան գետի արեւմտեան ափին (կը սահմանակցի Իսրայէլին եւ Յորդանանին) եւ Կազայի հատուածին (կը սահմանակցի Իսրայէլին եւ Եգիպտոսին), որու մայրաքաղաքը կը համարուի արեւելեան Երուսաղէմը, չնայած վարչական կեդրոնը կը գտնուի Ռամալլահի մէջ: Պաղեստինի պետութեան մեծ հատուածը գրաւուած է Իսրայէլի կողմէ 1967 թուականի վեցօրեայ պատերազմէն ետք։ Բնակչութիւնը 4.550.368 է 2014 թուականի դրութեամբ եւ կը զբաղեցնէ աշխարհի մէջ 123-րդ տեղը։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1947 թուականին ՄԱԿ-ը հաստատեց Բաժանման նախագիծը Պաղեստինի համար, որ կը յորդորէր ստեղծել անկախ արաբական եւ հրէական պետութիւններ` առանձնացնելով Երուսաղէմը, որ պէտք է ղեկավարուէր ՄԱԿ-ի յատուկ միջազգային կառավարման ռեժիմով։ Հրէական պետութեան հիմնադրութենէն յետոյ, որ 1948 թուականի մայիսի 14-ին ստացաւ Իսրայէլ անուանումը, ներքաշուեցաւ պատերազմներու մէջ՝ արաբական բանակներու հետ։ Աւելի ուշ, Արաբական լիկային կողմէ ստեղծուեցաւ Համապաղեստինեան կառավարութիւնը, որ կառավարեց Եգիպտոսի կողմէ վերահսկուող Կազայի հատուածը։ Անիկա շուտով ճանչցուեցաւ Արաբական լիկայի անդամ բոլոր պետութիւններուն կողմէ, բացառութեամբ Յորդանանի։ Չնայած Համապաղեստինեան կառավարութիւնը ինքզինք հռչակեց ո՛չ միայն Կազայի հատուածի, այլ ամբողջ նախկին Բրիտանական Պաղեստինի կառավարիչ, որ սահմանափակուած էր միայն Կազայի հատուածով։ Իսրայէլը աւելի ուշ նուաճեց Կազայի հատուածը եւ Սինայի թերակղզին՝ Եգիպտոսէն, Յորդանանի գետի արեւմտեան ափը՝ Յորդանանէն եւ Կոլանի բարձունքները՝ Սուրիայէն, վեցօրեայ պատերազմի ընթացքին։

1 Ապրիլ 2015-ին, Պաղեստին պաշտօնապէս դարձաւ Միջազգային քրէական դատարանի անդամ, ինչ որ կ'արտօնէ, որ պաղեստինցիներուն դէմ պատերազմական ոճիրներ գործելուն համար դատական հետապնդման ենթարկէ իսրայէլացի պաշտօնատարները[5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]