Jump to content

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Կարգախօս That they may have life and have it more abundantly
Հիմնադրուած է 1866[1][2]
Հիմնադրիր Դնիէլ Պրիս
Տիպ մասնաւոր
Ուսանողներ 8,315
Անդամակցութիւն հետազօտական գրադարաններու կեդրոն
Երկիր  Լիբանան
Կայք aub.edu.lb(անգլերէն)
American University of Beirut Վիքիպահեստում

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան, (Արաբերէն՝ الجامعة الأميركية في بيروت)[3]: Այդ անձնական, աշխարհիկ եւ անկախ համալսարան մըն է Պէյրութ, Լիբանանի մէջ։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի վկայականները պաշտօնապէս արձանագրուած են Նիւ Եորքի պետական համալսարանի արտօնագրութեան մարմնին կողմէ[3]:

Ըստ 2018 թուականի տուեալներուն, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը կը գրաւէ երկրորդ դիրքը արաբական շրջանին մէջ, իսկ 235-րդ դիրքը համաշխարհային համալսարաններու ցանկին մէջ[4]:

Համալսարանը կը կառավարուի անձնական եւ ինքնավար վարչական խորհուրդի կողմէ եւ կ'ապահովէ բոլոր աստիճաններու վկայականները, պսակաւորի, մագիստրոսի եւ տոքթորական տիտղոսները: Միաժամանակ կ'աշխատի տարբեր համալսարաններու հետ ամբողջ աշխարհին շուրջ, բացայայտօրէն՝ Քոլոմպիայի Համալսարանը, Ճորճ Ուաշինկթընի Համալսարանը Բժշկութեան եւ Առողջութեան Գիտութիւններու, Ճոնս Հոփքինսի Համալսարանը Բժշկութեան եւ Փարիզի Համալսարանը: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին ներկայ նախագահն է Ֆատլօ Ռ. Խուրին, որ ունի բժշկութեան վկայական:

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը կը պարծենայ $380 միլիոն պիւտճէով[5], եւ ունի մօտաւոր $500 միլիոն եկամուտ[6]: Համալսարանը կը բաղկանայ 64 շէնքերէ, անոնց մէջ կը պարունակուի՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնը, որ առաջ կը կոչուէր Ամերիկեան Համալսարանի Հիւանդանոցը եւ ունի 420 անկողիններ: Համալսարանին ունի նաեւ 4 գրադարաններ, 3 թանգարաններ[7] եւ 7 ննջասրահներ: Գրեթէ համալսարանին մէկ հինգերորդ աշակերտները կը յաճախեն երկրորդական դպրոցներ կամ համալսարաններ Լիբանանէն դուրս: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի աւարտականները ներկայիս կը բնակին աւելի քան 120 երկիրներու մէջ։ Համալսարանի գլխաւոր լեզուն Անգլերէնն է:

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Կարգախօս That they may have life and have it more abundantly
Հիմնադրուած է 1866[1][2]
Հիմնադրիր Դանիէլ Պորիս
Անդամակցութիւն հետազօտական գրադարաններու կեդրոն
Երկիր  Լիբանան
Կայք aub.edu.lb(անգլերէն)
American University of Beirut Վիքիպահեստում
Տանիէլ Պլիսը որ հիմնեց Սուրիոյ Բողոքական Ուսումնարանը (Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը), եւ եղաւ անոր առաջին նախագահը:
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին գլխաւոր մուտքը:

23 Յունուար, 1862 թուականին, Ուիլիամ ՄքՔլըր Թոմսընը առաջարկեց Ամերիկայի օտար միջնորդութիւններու եւ առաքելութիւններու յանձնախումբին, որ ուսումնարան մը պէտք է հիմնուի Պէյրութ՝ Լիբանանի մէջ, բարձր ուսում եւ բժշկական փորձառութիւն ջամբելու նպատակով: Ուիլիամ նաեւ առաջարկեց, որ Տանիէլ Պլիսը ըլլայ անոր նախագահը[8]: 24 Ապրիլ, 1863 թուականին բժիշկ Տանիէլ Պլիսը կ'աշխատէր գումար մը ապահովելու նոր ուսումնարաններուն համար Ամերիկայի եւ Անգլիոյ մէջ, երբ Նիւ Եորքի կառավարութիւնը իրեն առաջարկեց պայմանագիրով մը ստանձնելու Սուրիոյ Բողոքական Ուսումնարանը: Ուսումնարանը, որ ետքը կոչուեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան[3] 1920 թուականին, դռները բացաւ 16 աշակերտներու 3 Դեկտեմբեր, 1866 թուականին: Բժիշկ Տանիէլ Պլիսը եղաւ անոր առաջին նախագահը 1866 թուականէն մինչեւ 1902 թուական[9]:

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի շրջանաւարտները ունեցած են ընդարձակ եւ նշանակալից ազդեցութիւն՝ ո՛չ միայն այդ վայրին, այլ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Օրինակ՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն 19 շրջանաւարտներ եղած են ներկայացուցիչներ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան ստորագրումին, յաղթահարելով ուրիշ որեւէ մէկ համալսարանի շրջանաւարտներու: Համալսարանին շրջանաւարտները կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը առաջնակարգ դիրքերու վրայ, որպէս նախագահներ իրենց երկիրներուն, նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, դեսպաններ, կառավարիչներ պետական դրամատան, համալսարանի նախագահներ, առեւտրականներ, գիտնականներ, ճարտարագէտներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ եւ բուժքոյրեր: Անոնք կ'աշխատին կառավարութեան մէջ կամ անձնական ձեւերով եւ կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ:

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի ընթացքին (1975–1990), Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը տարբեր ձեւեր որդեգրեց պահպանելու աշակերտներուն ուսումը ու այս պատճառով ստորագրեց պայմանագրեր տարբեր համալսարաններու հետ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ 18 Յունուար, 1984 թուականին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ՝ Մալքոմ Հ. Խերրը սպաննուեցաւ:

21 Մարտ, 2008 թուականին, վարչական խորհուրդը ընտրեց Փեթըր Տորմանը, որպէս Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի 15-րդ նախագահը: Ան յաջորդեց Ճոն Ուաթըրպըրիին, որ եղած է համալսարանին նախագահը 1998 թուականէն մինչեւ 2008: Տորմանը միջազգային ուսումնասիրող մըն է եգիպտաբանութեան ճիւղին մէջ:

19 Մարտ, 2015 թուականին, վարչական խորհուրդը ընդունեց Ֆատլօ Ռ. Խուրին, որպէս յաջորդ նախագահը համալսարանին: Ան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ որպէս Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի 16-րդ նախագահը 25 Յունուար, 2016 թուականին[10][11]:

Մինչեւ Յունիս, 2011 թուականը, ընդհանուր յանձնուած վկայականներու թիւը հասած էր 82,032-ի:

250,000 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին բակը կը գտնուի բլուրի մը վրայ, որ մէկ կողմէն կը նայի Միջերկրական Ծովուն, իսկ միւս կողմէն՝ Համրայի Պլիս փողոցը: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին բակը, որ կը գտնուի Ռաս Պէյրութի մէջ, կը բաղկանայ 64 շէնքերէ, 7 ննջասրահներէ եւ բազմաթիւ գրադարաններէ: Ինչպէս նաեւ համալսարանին մէջ կը գտնուի Չարլզ Հոսթլեր աշակերտական կեդրոնը, որ հնագիտութեան թանգարան մըն է եւ ճանչցուած է որպէս Բնական Պատմութեան Թանգարան: Աշակերտները նաեւ կ'օգտուին գիտական հետազօտութեան կեդրոններէն, ուր կան 247 արտավարներ տարբեր մասնագիտութիւններու եւ ճիւղերու համար[12]:

Աշուն, 2016 թուականին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալասարանի աշակերտներուն թիւն էր՝ 8,815: Անոնց մէջէն 7,063-ը ընթացաւարտցու ուսանողներ, իսկ 1,752-ը՝ ընթացաւարտ ուսանողներ:

Հետազօտութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2007 թուականին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ներկայացուց դոկտորական. տիտղոսի վկայականները եւ ծրագիրները: Ներկայիս՝ տիտղոսի դոկտ. ծրագիրները հետեւեալներն են՝

  • Արաբական եւ Միջին Արեւելքի Պատմութիւն
  • Արաբական Լեզու եւ Գրականութիւն
  • Կենսաբժշկական Գիտութիւններ
  • Մասնկային Կենսաբանութիւն
  • Քաղաքային Ճարտարագիտութիւն
  • Ելեկտրական Ճարտարագիտութիւն
  • Բնապահպանական եւ Ջրաբաշխական Ճարտարագիտութիւն
  • Մեքենական Ճարտարագիտութիւն
  • Տեսական Բնագիտութիւն
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի բակը:

Բժշկական Կեդրոն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի բժշկական կեդրոնը (AUBMC), անձնական ոչ-շահառու կեդրոն մըն է բժշկական ասպարէզին մէջ: Բժշկական կեդրոնը կը պարունակէ 420 հիւանդանոցի անկողիններ, բժշկական ծառայութիւններ, զանազան մասնագիտութիւններ, ինչպէս նաեւ ունի բժշկական ծրագիրներ ընթացաւարտցու եւ յետ-ընթացաւարտ ուսանող աշակերտներուն համար[15]:

Տարիներ առաջ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի բժշկական կեդրոնը (AUBMC) ճանչցուած էր որպէս՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հիւանդանոց (AUH) եւ խաղցած էր կարեւոր դեր մը ծառայելու եւ հոգալու զոհերուն ու վիրաւորներուն թէ՛ Համաշխարհային Առաջին եւ Երկրորդ Պատերազմներուն ընթացքին եւ թէ Լիբանանի Քաղաքացիկան Պատերազմի ընթացքին[16][17]: Ինչպէս նաեւ՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնը ծառայած է Սուրիոյ գաղթականներուն եւ հիւանդներուն այս քանի մը տարիներուն ընթացքին[18][19][20]:

4 Ապրիլ, 2011 թուականին, Բժշկական Կեդրոնը յայտարարեց իր ծրագիրները ու նպատակները 2020 թուականին[21]: Այս ծրագիրը կը պարունակէ կեդրոնը մեծցնել 12 շէնքերու ու հիւանդանոցի անկողինները ըլլան՝ 600[22]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Facts and Figures
  2. 2,0 2,1 American University of Beirut
  3. 3,0 3,1 3,2 «American University of Beirut - AUB Home - Home»։ Aub.edu.lb։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-02-24-ին։ արտագրուած է՝ 2013-02-22 
  4. «American University of Beirut (AUB)»։ Top Universities։ 2015-07-16։ արտագրուած է՝ 2017-09-18 
  5. «AUB - About Us - Facts and Figures»։ www.aub.edu.lb (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-09-18 
  6. IRS Form 990 FY2010
  7. «AUB Museum»։ Ddc.aub.edu.lb։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2013-02-22 
  8. Dodge, Bayard (1958) The American University of Beirut - A brief history. Khayat's Beirut. p.10
  9. «Rev. H.H. Jessup Dead,»։ New York Times։ 1910-04-29 
  10. «AUB - 2015 - AUB appoints its 16th president, Fadlo R. Khuri, MD»։ արտագրուած է՝ 29 June 2015 
  11. «American University of Beirut - Presidential Inauguration - Home»։ www.aub.edu.lb (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-10-05-ին։ արտագրուած է՝ 2017-09-18 
  12. «Campus»։ Uniandi։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 October 2013-ին։ արտագրուած է՝ 30 March 2013 
  13. 13,0 13,1 13,2 13,3 13,4 13,5 «Faculties - Faculties»։ AUB։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-02-27-ին։ արտագրուած է՝ 2013-02-22 
  14. «FM Home - home»։ AUB։ 1999-05-07։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-02-27-ին։ արտագրուած է՝ 2013-02-22 
  15. «AUB - Research - Centers and Institutes»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 14, 2017-ին։ արտագրուած է՝ September 18, 2017 
  16. «AUB President's Perspective, May 2, 2017» 
  17. «Aramco World, AUB - The Family Looks Ahead, January/February 1991» 
  18. «Wall Street Journal, "Beirut Hospital Offers Hope for Civilians Injured in Iraq, Syria," June 28, 2015» 
  19. «American University of Beirut, News, Syrian refugee relief crisis evokes community-wide response at AUB, February 14, 2014» 
  20. «American University of Beirut, News, AUB Medical Center designated first, June 24, 2009» 
  21. «American University of Beirut, News, AUBMC reveals ambitious 2020 Vision for expansion and continued regional leadership, April 29, 2011» 
  22. «American University of Beirut, Office of Communications, Presidential Inauguration Ceremony Speech, Dr. Fadlo R. Khuri, January 25, 2016»