Jump to content

Ռափ

Ռափ (անգլ.՝ rap, rapping), հիփ հոփ ժանրի հիմնական տեսակներէն մէկը։ Երաժշտութեան այս տեսակը մօտ է խօսակցականին եւ զարգացած է 1970-ականներու վերջին՝ Նիւ Եորքի մէջ[1]։

«Ռափ» բառը կը նշանակէ` «Ռիտըմ էնտ պլուզ» (կշռոյթ եւ բանաստեղծութիւն):

Սկիզբը անիկա միայն փողոցներուն մէջ եւ երեկոյեան հաւաքոյթներու ընթացքին կը լսուէր. երբ «տիսք-ճոքի» մը (Տի Ճէյ) ձայնապնակները պիտի փոխէր իր գործիքին վրայ, արարողութիւն վարող (մեթր տը սերեմոնի, Էմ. Սի.) կոչուած ռափի երգիչ մը ոտանաւորի տողեր կ'արտասանէր թմբուկի հարուածներու կշռոյթի ընկերակցութեամբ: Ամէն անգամ կարճ միջնարար մըն էր` երկու ձայնապնակներու միջեւ:

Ապա, կամաց-կամաց արարողութիւնը վարողին միջամտութիւնը շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ: Տիսք-Ճոքին կը սկսի բազմաթիւ կշռոյթներ խառնել նոյն ատեն եւ ռափի երգիչը կ'արտասանէ աւելի երկար բանաստեղծական գրութիւններ, որոնք կը պատմեն աղքատ թաղամասերու ամէնօրեայ կեանքին մասին:

1979-ին Նիւ Եորքի մէջ «Շուկարհիլ կանկ» խումբը կ'արձանագրէ «Ռափփըր, տը տիլայթ»ը: Ասիկա ռափի առաջին ձայնապնակն է. սակայն անիկա պարզապէս նմանութիւն մըն է փողոցի ռափ երգիչներու: Առաջին իսկական ձայնապնակը, որ աւանդութեան կարգ անցած է, «Կրանտմասթըր ֆլաշ էնտ տը ֆուրիուս ֆայվի» «Տը մեսըճ»ն է:

1982-ին արձանագրուած այս գրութեան մէջ «Կրանտմասթըր ֆլաշ» կը խօսի կեանքի դժուար պայմաններուն մասին եւ Նիւ Եորք քաղաքը կը ներկայացնէ իբրեւ վայրի անտառ մը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]