Jump to content

Ստամոքս

Մարդու ստամոքսը

Ստամոքս (լատ.՝ ventriculus), մարսողական ուղիին խոռոչաւոր անդամ[1]։

Անիկա զետեղուած է որովայնին վերը, դէպի բերան ելլող խողովակին որկորին տակը:

Կերակրափողով անցած ուտելիքը կը հաւաքուի ստամոքսին մէջ, ուր տեղի կ'ունենան մարսողութեան գործընթացին առաջին փուլերը, երբ կերակրանիւթին կոշտ մասերը հեղուկի կը վերածուին:

Ստամոքսը ունի առաջնային (paries anterior) եւ յետին (paries posterior) պատեր։ Ստամոքսի գոգավոր, վեր ու աջ դարձած եզրը կը կոչուի փոքր կորութիւն (curvatura minor), իսկ վարի ու ձախ դարձած կոր եզրը՝ մեծ կորութիւն (curvatura major)։

Փոքր կորութեան վրայ, աւելի մօտ ստամոքսի ելքին, քան մուտքին, կը նկատու կտրուճ մը՝ «incisura angularis», ուր փոքր կորության երկու հատուածները կը միանան՝ կազմելով սուր անկիւն մը՝ «angulus ventriculi»։

Չափահասներու պարագային

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չափահասի մը մօտ ստամոքսին հասակը մօտաւորապէս 25 սմ է, լայնքը` 12 սմ, իսկ տրամագիծը` 10 սմ:

Անոր վարի ծայրը կապուած է աղիքին, որուն երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ եօթը մեթրի, այսինքն` մօտաւորապէս թենիսի դաշտի մը լայնքին:

Աղիքը, ուղեղին նման, ունի նեւրոններ, այս յատուկ բջիջները անոր կարելիութիւնը կու տան հաղորդակցելու ուղեղին հետ: Այս «նամակաբաշխերը» ուղեղին անդադար լուր կու տան մարդուն անօթութեան վիճակին մասին, ինչպէս նաեւ`տրամադրութեան եւ յոգնութեան մասին, շնորհիւ սերոթոնինին, քունի հորմոնին մեծ արտադրութեան շնորհիւ:

Գոյութիւն ունին հարիւր հազար միլիառ մանրէներ մարսողական խողովակին մէջ: Մօտաւորապէս երկու քիլօ կշռող մանրէներու այս խումբը, որ կը կրէ մայքրոպայոթ անունը, անհրաժեշտ է: Այս մանր մանրէներն են, որոնք կը մարսեն այն ուտելիքները, որ մարմինը չի կրնար մարսել:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]